2015-02-12 09:12:35

Ֆրանչիսկոս քահանայապետի ողջոյնի խօսքը` Կարդինալական վեհաժողովի բացման առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 12 եւ ուրբաթ` 13 փետրուար 2015-ին, Վատիկանի սիւնհոդոսական սրահին մէջ, տեղի կ՛ունենայ կարդինալական վեհաժողով, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի մասնակցութեամբ, որուն ընթացքին կարդինալական դասին կը ներկայացուի ու միասնաբար կը քննարկուին Քահանայապետի անմիջական խորհրդատու` ինը կարդինալներու աշխատանքի ընթացքը հայող` Հռոմի Քուրիայի ու Եկեղեցւոյ կառավարութեան բարեփոխումներուն։
Սուրբ Աթոռի բանբեր` Հայր Լոմպարտիի փոխանցած տուեալներուն համաձայն աշխատանքները սկիզբ առին աղօթքով եւ Սրբազան Քահանայապետին ողջոյնի խօսքով որուն յաջորդեց կարդինալական դասի աւագերէց` կարդինալ Սոտանոյի միջամտութիւնը ու ապա սկիզբ տրուուեցաւ կարդինալական դռնփակ վեհաժողովին, կարդինալական դասի քարտուղար` գերապայծառ Սմերարոյի զեկոյցով որուն յաջորդեց կարդինալ Մարատիակայի զեկոյցը Հռոմի Քուրիայի բարենորոգումի ծրագրին մասին։

Այս առթիւ արտասանած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ`
Սիրեցեալ եղբայրներ` որքան գեղեցիկ ու քաղցր է որ եղբայրները միասնաբար ապրին։
Սաղմոսերգուի այս բառերով փառք տանք Տիրոջ որ մեզ համախմբեց ու մեզի շնորհքը կու տայ այս մեր համաժողովին հիւրընկալելու` 20 նոր կարդինալներ։ Բոլորին կը փոխանցեմ իմ ողջոյններս։ Բարի եկած էք այս հաղորդութեան որ կ՛արտայայտուի միասնութեան մէջ։
Սրբազան Հայրը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որ աշխատեցան այս վեհաժողովի պատրաստութեան, մատնանշելով թէ գերապայծառ Սեմերարոն` Ինը կարդինալներու խորհուրդի քարտուղարը, պիտի ներկայացնէ խորհուրդին գործուէութիւնը հայող` Հռոմի Քուրիայի վերատեսութեան որ շարադրուած է շատ մը թելադրանքներու հիման վրայ։
Անոր կէտնպատակն է – ըսաւ Քահանայապետը - յանգիլ` զանազան նախարարութիւններու եւ գրասենեակներու միջեւ աշխատանքային աւելի մեծ ներդաշնակութեան, իրագործելու համար արդիւնաւէտ համագործակցութիւն մը բացարձակ թափանցիկութեան ուղիով որ կը կառուցէ միասնութիւնն ու իսկական ժողովականութիւնը։
Այս բարեկարգումները պարզապէս միջոց մըն են քրիստոնէական զօրեղ վկայութեան համար, յառաջացնելու արդիւնաւէտ աւետարանում, զարգացնելու էքումենիք – հա միութենական պտղաբեր հոգի, եւ քաջալերելու` բոլորին հետ կառուցողական երկխօսութիւնը։
Բարեկարգումին նպատակն է նաեւ աւելիով կատարելագործել Հռոմի Քուրիայի ինքնութիւնը որ է` աջակցիլ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին, իրականացնելու իրեն հովուական հոգաբարձութեան վսեմ առաքելութիւնը ի սպաս Եկեղեցւոյ։
Ի յարկ է - ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը - որ այսպիսի նպատակ մը իրականացնելը կը պահանջէ ժամանակ, վճռականութիւն ու բոլորին համագործակցութիւնը եւ այս մէկը իրագործելու համար ''պէտք ենք ապաւինիլ Սուրբ Հոգիին որ է Եկեղեցւոյ իսկական առաջնորդը''։
Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը եզրափակեց ընդգծելով թէ ''այդ համագործակցութեան հոգիով է որ սկիզբ կը տրուի հանդիպումին որ իւրաքանչիւրի ներդրումի շնորհիւ պիտի տայ իր պտուղները։








All the contents on this site are copyrighted ©.